2017-04-28 15:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Գահիրէ`''Միութեան եւ եղբայրութեան ճամբորդութիւն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ` ուրբաթ 28 ապրիլի ժամը 14-ին, որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր ժամանեց Գահիրէի միջազգային օդակայան։ Ան իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ունեցած հակիրճ հանդիպումի ընթացքին  առաքելական ճամբորդութիւնը բնորոշեց որպէս ''Միութեան եւ եղբայրութեան ճամբորդութիւն''։

''Մարդիկ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մեզի կը հետեւի ու յատուկ ակնկալիքներ ունի որովհետեւ հրաւէրը հասաւ Եգիպտոսի նախագահէն, Ղպտի պատրիարք` Թաուատարոս պապէն ու Կաթողիկէներու Ղպտի պատրիարքէն եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամէն։ Երկու օրէն պակաս բայց շատ խտացուած ճամբորդութիւն մըն է այս, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով լրագրողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.